Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը կը քննարկէ իր շարք մը գործընկերներուն հետ: Այդ մասին լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նիւթը պարբերաբար կը քննարկուի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Լրագրողը նշած է, որ մէկ օր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հանդիպումին ըսած է, որ ռուս-թրքական օրակարգին մէջ միշտ գոյութիւն ունի Անդրկովկասի մէջ իրավիճակի հարցը:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նիւթը կը քննարկուի մեր շարք մը գործընկերներուն հետ, խօսքը թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, թէ՛ շրջանային երկիրներու մասին է: Ատիկա բնական է եւ դիւանագիտական աշխատանքին մաս կը կազմէ», ըսած է Զախարովա:



