Երեքշաբթի, 27 փետրուար 2018-ին ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահին մէջ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սիւզան Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ ըսաւ. «85-ամեակը անխոնջ աշխատանքի, նուիրումի եւ զոհաբերութեան պսակադրումն է»:
Սիւզան Օհանեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անցեալի ու մերօրեայ խաչուհիներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով փարեցան ազգանուէր գործին եւ դարձան աջակիցը հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: Անոնք, իբրեւ հայ մայրեր, սէրը, գուրգուրանքն ու քրտինքը ցուցաբերեցին` յանուն շրջանի հայութեան եւ ամէն ճիգ ի գործ դրին պահպանելու հայեցի դիմագիծն ու մշակոյթը: Աւարտին, Սիւզան Օհանեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք թեւ եւ թիկունք եղած են ու կը շարունակեն մնալ ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն` հաւատալով խաչուհիներու անգնահատելի գործունէութեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ վիտէօ-երիզ, որով կը ներկայացուէր 85 տարիներու ժրաջան աշխատանքի ամբողջ պատմութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Համբիկ Պիլալեան, որ պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք ընդհանրապէս ԼՕԽ-ի ազգանուէր գործունէութեան վրայ, ըսաւ. «Այսօր տօնական օր է, որ զարդարուած է 85 տարիներու կատարուած նուիրական աշխատանքով, զոհողութեան անկրկնելի ու սքանչելի օրինակներով, յուշերով-յիշատակներով, ապրումներու խայտանքով, խոստումներով ու ապագայի գեղեցիկ երազներով»:
Համբիկ Պիլալեան աւելցուց, որ Լիբանանի օգնութեան խաչը, որ ծնունդն է իր ժողովուրդին, իր ազգին, խորքին մէջ, սովորական միութիւն թէ կազմակերպութիւն մը ըլլալէ անդին է, արդարեւ, ան հայ ընտանիքին մէկ մասնիկն է, սիւներէն մէկը, ապրող խորհուրդներէն հիմնականը, այսինքն` հայ մօր կերպարի ամենահարազատ մարմնացումը: Ան աւելցուց, թէ` «պատահական չէ, որ 1909-ին, արեւմտեան կողմն աշխարհի, յեղափոխական ու ազգային գործիչի մը ջանքերով, մտածումով եւ մտասեւեռումով լոյս աշխարհ կու գար ՀՕՄ-ը, մայր միութիւնը, արմատը, պտղաբեր ծառը ու անկէ ճիւղաւորած ԼՕԽ-ը: Ան յարգանքով յիշեց Էտկար Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան) անունը եւ վեր առաւ անոր դաշնակցականի մեծ վաստակը:
Բանախօսը հակիրճ ակնարկով մը յիշեց Լիբանանի քաղաքացիական դաժան տարիներու ԼՕԽ-ի կատարած աշխատանքը` նշելով, որ դաշնակցական ակումբներու, քաջարի ու հերոս տղոց, թաղերու պաշտպանութեան լծուած ժողովուրդին կողքին կար նաեւ բանակ մը, որ չէր բաղկանար մեծ թիւէ, բայց ունէր հսկայական ներուժ ու եռանդ, որ լծուած էր տիտան աշխատանքի, կոչուած էր ժողովուրդի ծառայութեան, թեւ ու թիկունք էր պահակ տղաներու, սնունդ ու հոգատարութիւն, խնամք ու գուրգուրանք կը մատուցէր ամէնուն, անխտի՛ր` հաւատարիմ մնալով ԼՕԽ-ի կոչումին ու առաքելութեան:
Բանախօսը, առիթը պատեհ նկատելով, լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին 30 տարուան ազգանուէր ու մարդասէրի աշխատանքը` ըսելով, որ իր մատուցած առողջապահական, խնամատարական եւ ընկերային ծառայական մարզերով, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, անիկա դարձաւ ապաստանարան, ապահով միջավայր, յոյս տուող ու կեանք ներշնչող կեդրոն, որ շնորհիւ նուիրեալներու փաղանգին կրցաւ փոխարինել պետական կառոյցներ, հիւանդանոցներ եւ դարմանատուներ:
Իր խօսքին աւարտին Համբիկ Պիլալեան շեշտեց, որ 85 տարի առաջ հայութեամբ տրոփող ու հայկականութեամբ շնչող այս շրջանին` Սիսի մէջ, գտնուեցան ազնուասիրտ մայրեր ու քոյրեր, որոնք ունեցան տեսիլքը, հաւատքն ու կամքը լոյսին բերելու մասնաճիւղ մը, կազմելու բոյն մը, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնան իրենց շրջապատին: Ու անոնք իբրեւ ԼՕԽ-ականներ, առաքինի խաչուհիներ երդուեցին ծառայել ու իրենց թանկագին սէրն ու գուրգուրանքը ընծայաբերել բոլորին անխտիր:
Բանախօսը` եզրափակելով իր խօսքը, ըսաւ, թէ ամեակները լոկ վերյիշումի եւ վերարժեւորումի առիթ չեն, այլ աւելի զօրանալու, կամքերը սրելու եւ քաջաբար շարունակելու անոնց բացած ուղին, ճշմարիտ ուղին:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Մարալ Մխճեան, որ ըսաւ, թէ 85 տարիները պարզ թիւեր չեն, այլ անոնք փունջ մըն են կամաւոր աշխատանքի, նուիրումի, ծառայութեան, ազգապահպանման եւ մարդկային առաքելութեան: Ան աւելցուց, որ ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղը հպարտութեան զգացումը ապրելու իրաւունքը ունի, որովհետեւ կրցած է յարգել հիմնադիր սերունդի խոստումը` վառ պահելով անոնց յիշատակը:
Աւարտին, Մարալ Մխճեան` վեր առնելով շրջանի խաչուհիներու անսակարկ նուիրումն ու այլազան բնագաւառներու մէջ տարուած աշխատանքը, յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց ծառայական իրենց առաքելութեան մէջ, նաեւ կոչ ուղղեց, որ նորահաս սերունդը ներգրաւուի եւ հպարտութեամբ շարունակէ ԼՕԽ-ի նուիրական գործունէութիւնը:
Սիւզան Օհանեան յուշանուէր մը յանձնեց Մարալ Մխճեանին:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սալբի Քէօշկէրեան (քանոն), Յաւերժ Շխրտմեան (ասմունք) եւ Նաթալի Տէկիրմէնճեան (երգ):
Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսք արտասանեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, որ մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի ծառայական աշխատանքը եւ շնորհակալութեամբ յիշեց 85 տարիներու ընթացքին կատարուած ազգանուէր գործունէութիւնը:
Սրբազանը շեշտը դրաւ խաչուհիի կերպարին վրայ եւ մեծապէս գնահատեց կամաւորի աշխատանքը: Ան լոյսին բերաւ իրողութիւն մը, թէ շատ բան կարելի է ըսել ԼՕԽ-ի առաքելութեան մասին, սակայն, հարց տուաւ, թէ ԼՕԽ-ականը ի՞նչ կ՛ըսէ ինքն իր մասին, արդեօք ինքզինք լա՞ւ ճանչցած է, կ՛ըմբռնէ՞ իր աշխատանքին մեծութիւնը, կեանքի որակաւոր արժէքներու ջատագո՞վն է, թէ կը հետեւի աժան երեւոյթներու: Ան աւելցուց, որ անցեալի սերունդը շատ աւելի արժէք կու տար որակին ու նուիրումին, եւ մեծապէս տէր էր ազգային ու մարդկային արժանապատուութեան:
Հայր սուրբը աւելցուց, թէ նման մտածումներ կը յայտնէ, պարզապէս ընդգծելու երեւոյթ մը, թէ ԼՕԽ-ականը պէտք է ինքզինք աւելի լաւ գնահատէ եւ երթայ դէպի ժողովուրդը, համոզէ դիմացինը եւ զինք բերէ ազգային ծառայութեան: Կամաւոր աշխատանքի հասկացութիւնը տակաւ սկսած է կորսնցնել իր իմաստը, մարդիկ սկսած են հեռանալ նման նուիրական աշխատանքներէ եւ կլանուած են նիւթական կեանքի երեւոյթներով:
Սրբազանը մտահոգութիւն յայտնեց, թէ մեր կեանքին մաս սկսած են կազմել ապազգային երեւոյթներ, խորթ ու մակերեսային ապրելակերպեր: Հետեւաբար, պէտք է աչալուրջ ըլլանք եւ տէր կանգնինք մեր դարաւոր մշակոյթին, հայեցի դիմագիծին ու ազգային արժանապատուութեան, ըսաւ ան:
Իր խօսքի աւարտին, հայր սուրբը երախտագիտութեամբ յիշեց ԼՕԽ-ի հիմնադիր սերունդը, անոնց կատարած անգնահատելի զոհողութիւնը եւ մեր օրերու խաչուհիներուն մաղթեց քաջառողջութիւն եւ ծառայական կեանքի յարատեւութիւն:




