Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Լը Փարիզիեն»-ը, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէն ակումբը կը պատրաստուի ամրան ընթացքին (2017-2018 տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք) բաւական լուրջ փոփոխութիւններ կատարել իր կազմին մէջ:
Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի խումբը որոշած է ծախու հանել Տենի Ալվեսը, Լեւեն Քուրզավան, Եուրի Պերչիչէն, Ատրիեն Ռապիոն, Մարքօ Վերաթթին, Խաւիէ Փասթորէն, Անխել Տի Մարիան եւ Էտինսոն Քաւանին:
Կը կարծուի, որ վերոնշեալ ֆութպոլիստները չեն համապատասխաներ խումբին պատասխանատուներուն պահանջներուն եւ կամ չեն ուզեր իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգել:
Սեն Ժերմեն կ՛ուզէ իր խումբը հիմնել Նէյմարին եւ Մպափէին համապատասխանող մարզիկներով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ խումբէն կրնայ հեռացուիլ նաեւ մարզիչ Ունայ Էմերի:



