Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻԱ. ԶԵՐՕ ԴՐԱՑԻՆԵՐ` ԱՌԱՆՑ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ

November 15, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան բազմաթիւ վերլուծաբաններ վերջին քանի մը տարիներուն երբեք այսպէս բարձր չեն արտայայտուիր: Անոնք կա՛մ շատ քաղաքավար, բարեկիրթ են, կա՛մ կ՛ենթադրեն, թէ Անգարայի համաշխարհային գործունէութեան, աշխուժութեան վերջին շրջանի դրսեւորումներուն ծաղրանքը հաճելի, ընդունելի չ՛ըլլար Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) ղեկավարութեան, որոնց հետ այս վերլուծաբանները տեսանելի ապագային մէջ տակաւին պիտի աշխատին:

Սակայն առանձին զրոյցներու մէջ կամ քուլիսներու ետին անոնք միայն ծաղրանքով, հեգնանքով կը խօսին «Զերօ խնդիր դրացիներու հետ» քաղաքականութեան եւ այդ հայեցակարգի հեղինակ, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւուտօղլուի մասին:

Առաւել յաճախ օգտագործուած նախադասութիւնը կը ծաղրէ, կը հեգնէ «զերօ խնդիր» հասկացողութիւնը եւ կը յայտարարէ, որ Թուրքիա, փոխանակ աւելի նուազ խնդիրներ ունենալու իր դրացիներուն հետ, կը բախի հետզհետէ աճող շարք մը խնդրայարոյց իրավիճակներու` իր սահմաններու երկայնքին: Տաւուտօղլուի անխոնջ ջանքերը` իր սեփական միտքերը գործնականացնելու, չեն ստեղծած զերօ խնդիր դրացիներուն հետ, այլ զերօ դրացիներ` առանց խնդիրներու: Փաստերուն ցանկը վհատեցուցիչ եւ երկար է:

Անդամակցութեան հարցով Եւրոպական Միութեան հետ տեղի ունեցող բանակցութիւնները փակուղի մտած են, իսկ Կիպրոսի հետ յարաբերութիւնները նախկինին նման շատ վատ են:

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումի ջանքերը ձախողեցան, որուն պատճառով Պաքուի մէջ «եղբայրները» կասկածամտութիւն եւ վատ զգացումներ ունեցան: Մինչեւ վերջերս Թեհրանի մէջ աստուածապետականները երջանիկ էին` հիւլէական ծրագիրի վերաբերեալ միջազգային հանրութեան հետ վէճին մէջ Թուրքիայէն աջակցութիւն ստանալով: Սակայն երբ Անգարա համաձայն եղաւ իր տարածքին մէջ տեղակայելու Միացեալ Նահանգներու ռատարները` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանին մէկ մասը, ինչպէս նաեւ հակադրուեցաւ շրջանին մէջ Իրանի ամէնէն կարեւոր դաշնակից Սուրիոյ, Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները դառն մեղադրանքներ ըրին Թուրքիոյ կառավարութեան:

Ատոնց վրայ կ՛աւելնայ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումն ու կոշտ հռետորութիւնը, նաեւ Սուրիոյ վարչակարգին նկատմամբ քաղաքականութեան ուշագրաւ փոփոխութիւնը` նախագահ Պաշար Ասատը բարեկամէ թշնամիի վերածելով:

Այս բոլորէն ետք հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ կարգ մը բանիմացներ կ՛եզրակացնեն, որ Տաւուտօղլուի բազմաթիւ եւ աշխուժ գործողութիւններու արդիւնքը ժխտական է:

Բարի մտադրութիւնները, կամեցողութիւնն ու տպաւորիչ մտաւորական հիմքը նախկին ակադեմականին համար բաւարար չեղան Թուրքիոյ շուրջը բարեկամներու օղակ ստեղծելու համար:

Գերմանական Մարշալ հիմնադրամը վերջերս հրատարակեց հետաքրքրական տեղեկագիր մը` թրքական արտաքին քաղաքականութեան համար Արաբական գարնան հետեւանքներուն մասին: Հեղինակներէն մէկը Նաթալի Տոլչինն է, որ Իտալիոյ ամէնէն տեղեակ թրքագէտն է: Թէեւ ան զգուշ է Անգարայի արտաքին գործողութիւններուն մասին իր քննադատութիւններուն մէջ, սակայն իր վերլուծումը ցաւոտ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համար: Լաւ պատճառով Տոչի կը տարբերէ Արաբական գարնան կարճատեւ ազդեցութիւնները` միջին եւ երկարատեւ առիթներէն, որոնք Թուրքիոյ պիտի ներկայանան Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունենալիք փոփոխութիւններով:

Ըստ Տոչիի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ապստամբութիւնները բացայայտած են անհետեւողականութիւն, անհամապատասխանութիւններ` Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, եւ առաջին գիծի վրայ գրած են նախարար Տաւուտօղլուի ռազմավարութեան «անյաղթահարելի լարուածութիւնը` բնականոն, ընդհանրական եւ ռէալփոլիթիք ուղղութիւններու միջեւ»:

Եգիպտոսի մէջ Թուրքիան ժողովրդավարութեան կողմն էր սկիզբէն իսկ, որովհետեւ այս երկու երկիրներուն միջեւ միշտ եղած է ոչ բացայայտ մրցակցութիւն, նոյն ատեն բացակայած են կայուն տնտեսական կապերը:

Լիպիոյ մէջ 15 միլիառ տոլարի ներդրումները եւ 25 հազար թուրք քաղաքացիներու ներկայութիւնը Անգարային ստիպեցին աւելի զգուշ, զուսպ ըլլալու:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ մէջ առաջին անգամ ստիպուած եղաւ մօտէն տեսնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ զերօ ազդեցութիւն ունենալ Սուրիոյ բռնատէր Ասատի վրայ, նախքան «սպասէ եւ տես» մօտեցումէն հրաժարիլը:

Գերմանական Մարշալ հիմնադրամի տեղեկագիրին լաւ բանը այն է, որ ատիկա թրքական արտաքին քաղաքականութեան հակասութիւնները միայն չի շեշտեր: Քանի մը համահեղինակներ կը նշեն, որ Թուրքիա մեծ ներուժ ունի գերիշխող դերակատարութիւն ունենալու, դրականօրէն ազդելու համար արաբական յեղափոխութիւններու արդիւնքին վրայ:

Որպէսզի ատիկա կարենայ ընել, հեղինակները կ՛առաջարկեն համակարգուած գործակցութիւն Թուրքիոյ եւ շրջանին մէջ շահագրգռութիւն ունեցող երկու այլ ուժերու (Եւրոպական Միութիւն, Միացեալ Նահանգներ) միջեւ: Ատիկա հաստատօրէն այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, կ՛ընդունին անոնք, բայց պէտք է առնուազն լրջօրէն փորձուի:

Ինչ կը վերաբերի համաշխարհային բոլոր խաղացողներուն, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մեծ մարտահրաւէրն է գտնել ճիշդ հաւասարակշռութիւնը բարձր սկզբունքներու եւ ճարպիկ հասկացողութիւններու միջեւ` մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` ազդեցիկ միջամտութիւններու եւ գործնական առաջարկներու միջեւ:

Տաւուտօղլու պէտք է ապացուցէ բանիմացներուն, որ իր տեսութիւնները նաեւ կը գործեն իրական աշխարհի մէջ: Ատոր համար անհրաժեշտ է խոստովանիլ, որ դրացիներու հետ Թուրքիա տակաւին բազմաթիւ հիմնախնդիրներ ունի, սակայն պատրաստ է աշխատելու բոլոր կառուցողական գործընկերներուն հետ` լուծելու համար ատոնք:

Աշխարհի այս շրջանին մէջ աւելի լաւ կ՛ըլլայ մոռնալ զերօ խնդիրներու մասին:

Երջանիկ եղէք, եթէ նուազ խնդիրներ ունենաք:

ԵՈՒՍԹ ԼԱԿԸՆՏԱՅՔ

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ՀԱՇՈՒԷ, ԹԷ ԹՈՒՐՔ ՉԵՆՔ…

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.