Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ` հինգշաբթի, 8 մարտին, իր գումարած մէկ ժողովին յայտարարեց, թէ կազմուած է յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի այն հարցով, թէ արդեօք Սաֆայի մէկ ֆութպոլիստը Նըժմէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (3 մարտ) կաշառք ստացա՞ծ է անոր արդիւնքին հետ խաղալու համար:
Այս յանձնախումբին մաս կը կազմեն Վահրամ Պարսումեան եւ Մազեն Քպէյսի:
Ֆետերասիոնը կազմած է աղջկանց ֆութսալի ազգային խումբին յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ հինգ անձերէ: Անոնց կարգին է Սարգիս Էսքիճեան, որ պիտի ըլլայ բերդապահներուն մարզիչը:
4 մայիսին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք 2019-ի Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութեան, Լիբանանը պիտի ներկայացնեն ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ, ազգային խումբի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ եւ ազգային խումբի տնօրէն Ֆուատ Պահլաուան:
Վերջապէս, յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի 23 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2019-ին տեղի ուննեալիք Ասիա-2020-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:



