Տարուան իւրաքանչիւր ամիսը ունի իր տօնական բնորոշիչ յիշատակութիւնը, այսպէս ալ հոկտեմբեր ամիսը մեր ազգային եւ կրօնական միաձուլուած տօներէն Թարգմանչաց տօնն էր:
Ազգային եւ կրօնական տօներու յիշատակութեան տարեկան շարքը Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ սկսաւ թարգմանչաց տօնակատարութեամբ, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2011-ին` երկրորդականի աշակերտներուն համար:
Օրուան պատգամախօսն էր Սարգիս Նաճարեան, որ անդրադարձաւ հայոց լեզուի կարեւորութեան եւ բերած նպաստին` հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրի պահպանման գործընթացին մէջ:
Ան նաեւ ամփոփ կերպով խօսեցաւ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան խորհրդաժողովին մասին` հայ աշակերտին ուսերուն պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն դնելով ըլլալ զօրաւոր օղակը այս համագործակցութեան` դառնալով մեր ազգին հպարտութիւնն ու հայ ժողովուրդի ստեղծագործ վկան:
Իսկ 3 նոյեմբեր 2011-ի կէսօրին, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, ուսուցիչները եւ ծնողները համախմբուեցան վարժարանիս սրահը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Բացման խօսքով Քրիստին Ճիպէլեան (9-րդ դասարանէն) նշեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծագործեց մեր ոսկետառերը, եւ թարգմանչաց սերունդը մշտնջենական կեանք շնորհեց մեր լեզուին` աւելցնելով, որ առանց անոնց թերեւս մեր գոյութիւնը հարցականի տակ ըլլար պատմութեան տեւողութեան մեր անցած տաժանելի հանգրուաններուն:
Ապա բեմ հրաւիրեց աշակերտները, որոնք արձակ կամ չափածոյ հատուածներով ելոյթ ունեցան եւ լուսարձակի տակ առին գիրերու գիւտին պատմականն ու մեր ալեհեր մայրենիին արժէքը:
Յայտագիրին մասնակցեցաւ նաեւ աղջիկներու պարի խումբը: Պարողները իրենց հաստատ քայլերով եւ հեզաճկուն շարժումներով ապացուցեցին, թէ իսկական ժառանգորդներն են Մեսրոպ Մաշտոցին եւ հայ մշակոյթին:
Տեղին է յիշել դպրոցի երգչախումբին խանդավառ մասնակցութիւնը, աշակերտներու կուրծքերէն բարձրացող հայրենի շունչը եւ հայ երգը` հասան իւրաքանչիւր ներկայի հոգիին եւ սլացան մինչեւ Մասիսի գագաթը:
Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակին առիթով` 8-րդ դասարանէն Առէն Տօնէրեան, Մ. Մաշտոցի տիպարով ներկայացաւ բեմ եւ աշակերտներուն փոխանցեց իր սրբազան պատգամը` տէր կանգնիլ մայրենիին եւ պահպանել զայն որպէս սերունդէ սերունդ փոխանցուած տոհմական սրբութիւն:
Հուսկ ապա, վարժարանի տնօրէնուհին` քոյր Արմինէ Մակարոսեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են հայ կրթական օճախին, որովհետեւ հայ դպրոցը այն դարբնոցն է, ուր հայ աշակերտը հա՛յ կը կերտուի: Ան աշակերտութեան թելադրեց ի գին ամէն դժուարութեան սերտանալ մեր լեզուին հետ մտերմանալ մեր պատմութեան հետ մանաւանդ իւրացնելով մեր հարստութիւններն ու աւանդութիւնները, պայքարելու համար այլասերման ամէն տեսակ վտանգներու դէմ:
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


