Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ գործակցութեամբ ֆրանսացի փորձառու մասնագէտ Ժան-Լուի Միւրանի, կը կազմակերպէ մարզիչներու յատուկ դասընթացքներ (Բ. կարգի)` 3 հանգրուանով:
Այս 3 հանգրուաններն ալ (16-18 մարտ, 14-18 մայիս, 30 յունիսէն 4 յուլիս) տեղի պիտի ունենան Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 13 մարտը (դիմել ե-նամակի [email protected] հասցէին), իսկ անոր մասնակցութեան սակն է 250 ամերիկեան տոլար` բոլոր հանգրուաններուն համար:


