«Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լեվանթէ, որ հիւրընկալեց Էսփանիոլը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Անկախ արդիւնքէն, Լեվանթէի բերդապահ Տիեկօ Լոփես փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, երբ ուշագնաց եղաւ` մրցակից կազմի մը հետ բախում ունենալէ ետք:
36 տարեկան բերդապահը այս միջադէպէն անմիջապէս ետք տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց` յատուկ քննութիւններու ենթարկուելու համար:



