Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Հայաստանի Նորընտիր Նախագահ Արմէն Սարգսեանին

March 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոս անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Շնորհաւորական նամակին մէջ ըսուած է. «Անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք ձեր ընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին:

Անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեզ: Քաջածանօթ ըլլալով ձեր անձին ու երկար տարիներու գործունէութեան, լիայոյս ենք, որ լաւագոյնս պիտի արդարացնէք մեր ժողովուրդին ձեզի հանդէպ ցուցաբերած վստահութիւնը: Վստահութիւն մը, որ նաեւ արտայայտուեցաւ նախընտրական փուլին ձեր թեկնածութեան նկատմամբ հայրենիքի թէ սփիւռքի ղեկավարութեան ու կառոյցներուն դրական կեցուածքներով:

Ինչպէս շուրջ շաբաթ մը առաջ Անթիլիասի մայրավանք ձեր կատարած այցելութեան ընթացքին յայտնեցինք, վստահ ենք, որ մօտէն ծանօթ ըլլալով Հայաստանի ներքին կեանքին ու սփիւռքի պայմաններուն, ինչպէս նաեւ ձեր ստանձնած պատասխանատուութիւններու փորձառութեան լոյսին տակ, առաւել եւս պիտի զօրացնէք Հայաստանի դիրքն ու դերը` թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Այս առիթով անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ մեր սիրելի հայրենիքին: Թող Աստուած իմաստութեամբ ու առողջութեամբ զօրացնէ ձեզ, որպէսզի հայրենի իշխանութեան գործակցութեամբ եւ համայն մեր ժողովուրդին զօրակցութեամբ իրագործէք ձեր հայրենաշէն ծրագիրները»:

Նախորդը

Արցախը Պէտք Է Խաղաղութեան Հոլովոյթի Առաջնային Դերակատարը Դառնայ

Յաջորդը

Վրաստանի Վարչապետը Այցելած Է Հայաստան

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.