Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը ներկայացուց այս տարեշրջանի առաջին բաժինին իր տնտեսական հաշուետուութիւնը:
Խումբին կորուստները նուազած են 56 առ հարիւրով եւ այժմ կը կազմեն 22,3 միլիոն եւրօ:
4,6 առ հարիւրով աւելցած է անոր ընդհանուր եկամուտը, որ կը կազմէ 106,5 միլիոն եւրօ:
Նուազեցաւ նաեւ ակումբին ընդհանուր պարտքը, որ կը կազմէ 165,3 միլիոն եւրօ:



