Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանին, երեքշաբթի, 6 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 14:30-էն սկսեալ, կը սկսին տարբեր տեսակի մարզախաղեր. որոնց կարգին` փինկ փոնկ եւ ճատրակ. համալսարանի Ռումիէի մասնաճիւղին մէջ:
Իսկ չորեքշաբթի, 7 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-էն սկսեալ, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի կ՛ունենայ պետմինթոնի ախոյեանութիւնը:
21 մարտէն 10 մայիս տեղի կ՛ունենան պասքեթպոլի մրցումները: Կազմուած յանձնախումբին մէջ են` Կարօ Տոներեան, Շետի Պու Ֆարհաթ, Ֆատի Քիուան:
Իսկ հինգշաբթի, 8 մարտին, կը սկսին մինի ֆութպոլի մրցումները:



