Պասքեթպոլի Հայաստանի տղոց` մինչեւ 20 տարեկաններու հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուած է Քրիս Ղուկաս:
Հայ մարզիչը աշխատած է յունական շարք մը ակումբներու մէջ, որոնց շարքին «Փանիոնիս», «Քաւալաս», «Իրաքլիս», «ՕՖԻ Քրեթէ» եւ այլն: 2015-2017 թուականներուն Քրիս Ղուկաս գլխաւորած է աւստրիական «Օպերվարթը», իսկ 2017-էն մինչեւ հիմա «ՈւՍՔ Փրակա» ակումբի գլխաւոր մարզիչն է:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեանի համաձայն, Քրիս Ղուկաս բարձրակարգ մասնագէտ է եւ յաջողութեամբ աշխատած է Յունաստանի, Աւստրիոյ եւ Չեխիոյ մէջ: «Անոր թեկնածութիւնը ֆետերասիոնը շատոնց կը քննարկէր` տարբեր տարիքային հաւաքականներու մարզիչի պաշտօնին համար: Յաջողութիւն կը մաղթեմ Քրիս Ղուկասին այս պատասխանատու գործին մէջ», ըսած է ան:
Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականը 12-էն 22 յուլիսին պիտի մասնակցի 2018-ի Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Հայաստանի խումբը ընդգրկուած է Գ. ենթախումբին մէջ, ուր պիտի մրցի Հունգարիոյ, Լիւքսամպուրկի, Հոլանտայի, Ռուսիոյ եւ Չեխիոյ հաւաքականներուն դէմ:



