Մաժտալ Այնճարի քաղաքապետ Սայիտ Եասին քաղաքապետութեան շէնքին մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով անդրադարձաւ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Շապապ Մաժտալ Այնճար – Պըրժ մրցումին, որուն ընթացքին շրջանի կազմը զոհ գնաց իրաւարարներուն սխալ որոշումին:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այն ինչ որ պատահեցաւ Շապապ Մաժտալ Այնճարի, կը նկատուի անընդունելի, որովհետեւ իրաւարարները իրենց որոշումներուն մէջ եղան բաւական կողմնակալ` ի նպաստ Պըրժի: Կը դատապարտենք այդ մօտեցումը:
«Կոչ կ՛ուղղենք ֆետերասիոնին եւ իրաւարարներուն, որ անոնք իրարու հաւասար աչքով դիտեն բոլոր խումբերը եւ կողմնակալութիւն չկատարուի:
«Ասկէ մեկնելով, շրջանի բնակչութեան եւ Պեքաայի ֆութպոլի պատասխանատուներուն անունով կը պահանջենք, որ արդարութիւնը տիրական ներկայութիւն ըլլայ մարզական աշխարհին մէջ առհասարակ եւ ֆութպոլի մարզաձեւին մէջ ի մասնաւորի»:



