Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԱՅՍ ԱՆՆՄԱՆԸ

November 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ մեզ կ՛այցելէ: Դարձեալ հրաւիրեալն է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ուրախութեամբ ընդառաջեցինք ծանուցուած հրաւէրին: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար այս այցին իր յայտագիրը: Ապաւինած էինք իր տաղանդին, որովհետեւ դերասան, մենախօս, երաժիշտ, գեղանկարիչ այս տղան միայն կրնայ զարմացնել իր գունագեղ «վրձինով», հեշտալուր երգ ու երաժշտութեամբ, ողբը կատակի վերածող իր փիլիսոփայութեամբ:

«Ճակատագրի կատակներ» են մենախօսութեան թեման: Ներկայ ենք «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, 5 նոյեմբերի երեկոյեան: Սրահը լեցուն է ծայրէ ծայր: Հանդիսականները գիտեն, կը ճանչնան զինք: Կը յայտնուի բեմին վրայ` երգ ու ծիծաղով: Ազնաւուրը ընտրած է այս անգամ, որ կ՛ընկերանայ իր երգով: Ֆրանսերէն սորված է Վարդան Պետրոսեան: 1988-1990-ական թուականներու սկիզբի Հայաստանի տագնապալի, ճգնաժամային տարիներն են: Կը լսէինք հայրենական տառապանքին մասին: Լսելը ուրիշ, ապրիլ-զգալը շա՜տ ուրիշ…

Վարդան Պետրոսեան ինքզինք կը գտնէ Փարիզի մէջ` առանց մէկ բառ ֆրանսերէն գիտնալու: Ճակատագիրը զինք բերած է Փարիզ, ուր 5-6 ամսուան  ընթացքին սորված է լեզուն եւ յաջողած` մուտք գործել Փարիզի հռչակաւոր թատերախումբերէ կամ թատերական շրջանակներէ ներս: Սա համազօր է հրաշքի, որ կ՛այցելէ տաղանդներու` արտայայտելու համար իրենց ներաշխարհի զօրութիւնը: Վարդան Պետրոսեան կ՛երգէ` «ոնց որ Շարլ Ազնաւուր»: Նոյնիսկ կ՛անդրադառնայ ֆրանսական լեզուին բարդ բառերու, օրինակներով: Կիթառը գրկած` կ՛երգէ, կ՛ոստոստէ` թռչկոտելով բեմին մէկ ծայրէն միւսը: Հա՞պա ձայնային երանգաւորումները… տեսակաւոր ձայներ` կնոջական, հեռախօսային թուանշաններու, պաղատանքի, գուրգուրանքի, ցաւի, վիշտի ու ծիծաղի ձայնարկութիւններ` հագագի նրբերանգներով արտայայտուած:

Արագաշարժութեան ախոյեան մը կարելի է նկատել զինք, ֆիզիքական ճկունութեամբ օժտուած: Արագաշարժութեան կը միանայ նաեւ արագախօսութիւնը` շուտասելուկի ճշգրտութեամբ: Հանդիսականները տեսան, զգացին, դիտեցին ու ծիծաղեցան: Այո՛, ծիծաղ ու խնդուք, որոնք կարծես ըլլային ժպտախառն լաց, նկատի առած այն որբացեալ դժբախտութիւնը, որուն ենթարկուած է այս աննման արուեստագէտը: Եթէ պահ մը մեր մորթին վրայ կրենք այն պատահարները, որոնց զոհը եղած են ինք եւ իր նման անձեր, աղէտի մը դիմաց կը զգաս ինքզինքդ: Պատկերացնել Փարիզի Մեթրոն եւ հոն ըլլալ կիթառահար, քանի մը ֆրանքի կամ եւրոյի համար: Կամ` նման վայրի մէջ ըլլալ ծաղկավաճառ, «Հացի եւ լոյսի համար»: Յիշեցի Մուշեղ Իշխանը, ողորմի մը տանք…

Ողբերգութիւններ են Վարդանին «կատակները»` իմաստութեամբ թրծուած, փիլիսոփայութեամբ թաթաւուն, ուսանելի եւ դաստիարակիչ: Քիփլինկի «Եթէ»-ին նմանողութեամբ, յուսահատութենէ հեռու մնալու դասն է, անկումէն ետք վերստին սկսիլ նոր թափով ինքզինքդ կերտելու: Վարդան Պետրոսեանի կենսագրութիւնը այս դասը փոխանցեց ներկայ հանդիսականներուն: Յոյսով առաջնորդուիլ, ըլլալ աշխատասէր, վստահիլ սեփական ուժիդ:

Մօտ երկու ժամ Վարդան Պետրոսեան մեզ փոխադրեց տարաշխարհիկ մթնոլորտ մը, ուր տեսանք կեանքին զարտուղի կատակները, ճակատագրին քմայքները եւ տաղանդին հզօրութիւնը:

 


Նախորդը

«ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՄ, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՆՔ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ» «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ Կ՛ԸՍԷ Մ. ԿՈԿԻԿԵԱՆ

Յաջորդը

ՈՐՊԷՍԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՉԴԱՌՆԱՅ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.