Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումները կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամալ Մաարաքէն, կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը` նուազագոյն հաշիւով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քոլիփալի` 83-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ամալ Մաարաքէ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն:
Օրուան իրաւարարներն էին Ահմետ Տամըժ, Ահմետ Համուտա եւ Պըթրոս Զախիա, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Սիմոն Պշարա:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Շապապ Սահել 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մապարրայէն (4-րդ):
Այլ մրցումի մը, Պըրժ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Իժթիմահիի` Թրիփոլիի մէջ:
Իսկ Քֆարժոզի մէջ (Նապաթիէ), Սաժես 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ահլի Սայտայի հետ:



