«Ուեմպլի»-ի մարզադաշտը, վաղը` կիրակի, 25 փետրուարին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Կ՛ակնկալուի, որ մրցումը ըլլայ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ պայքարը պիտի ըլլայ շատ սուր` տիտղոսին տիրանալու համար:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին համար մրցումը պիտի ունենայ կարեւոր նշանակութիւն` այլ կարեւոր տիտղոսի մը տիրանալու առումով:



