Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանեան բանակը ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ կողովի մը տարբերութեամբ` 63-61 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին, որ ցարդ կը մնար անպարտելի միակ խումբը:
Մրցումը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Լիբանանեան բանակը ընդհանրապէս տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանեան բանակը ժամանակաւորապէս գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, Մար Ռուքոզ:



