Նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պարսելոնա Չելսիի դէմ իր կատարած մրցումին դաշտին վրայ ունեցաւ աւելի քան 70 տոկոսով առաւելութիւն մը: Այս ցուցանիշին մէջ մեծ եղաւ ֆութպոլիստի մը` Սերճիօ Պուսքեթցի ներդրումը, որ առանձնացաւ իր փոխանցումներուն ճշգրտութեամբ, այս մասին հաղորդեց «Մարքա»:
Ան իր կատարած 139 փոխանցումներէն 128-ը ճշգրիտ ձեւով կատարելով (92 տոկոս ճշգրտութեամբ), յաջողեցաւ մրցանիշ մը հաստատել այս տարեշրջանին:
Մինչեւ այս մրցումը մրցանիշը կը պատկանէր Պարսելոնայի մէկ այլ մարզիկի մը` Փաուլինիոյին, որ նախապէս Օլիմփիաքոսի դէմ 114 փոխանցումներէն 111-ը հասցուցած էր իրենց նպատակին:



