Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը երկարաձգեց իր համագործակցութիւնը «Էմիրէյթց» օդանաւային ընկերութեան հետ: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023-2024 տարեշրջանի աւարտը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ընկերութիւնը պիտի մնայ գլխաւոր հովանաւորողը: Արսենալի մարզաշապիկին վրայ «Փումա»-էն բացի պիտի ըլլայ միայն «Ֆլայ Էմիրէյթց» գրութիւնը:
Ընկերութիւնը 2006-էն ի վեր Արսենալի հովանաւորն է:



