Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան ընդմէջէն Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յայտարարեց, որ ուրբաթ, 23 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, Պաապտա գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չիանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձմեռնային 23-րդ ողիմպիականի խաղերուն մասնակցած լիբանանեան պատուիրակութեան հարցին, ինչպէս նաեւ մարզիկ Ճեֆրի Զինտայի հարցին վերաբերեալ Միջազգային մարզական դատարանին («Սի. Այ. Էս.») տուած որոշումին` որ եղաւ ի նպաստ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պիտի յայտարարուի նաեւ Ճաքարթայի մէջ այս տարի տեղի ունենալիք 2 քմ վազքի մրցումին մասին:


