Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին, պասքեթպոլի եւ ֆութսալի դպրոցական ախոյեանութեան զուգահեռ, Լուէյզի վարժարանին մէջ տեղի ունեցան նաեւ թրի փոյնթի, պասքեթպոլի աստղերու մրցում մը (24 մարզիկ) եւ ֆութսալի (24 մարզիկ) մրցաշարք մը` ներկայութեամբ մարզիչներ Փաթրիք Սապայի, Մարուան Խալիլի, Ճօ Մուժահիսի եւ Ռըզքալլա Զալհումի:
Սոյն մրցաշարքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի ներկայացուցիչ Ֆուատ Սալիպա:
Թրի փոյնթի պարագային առաջին հանդիսացաւ Քարիմ Տըմիաթի (Ինթըրնեշընըլ քոլեճ), ազատ հոսանք հարուածի պարագային` Ռալֆ Սալիպա (Քալպէյն Աքտասէյն, Զահլէ), պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ նկատուեցաւ Անթուան Շահուտ (Լուէյզի), իսկ ֆութսալի լաւագոյն մարզիկ` Ռուտի Ֆրանսիս (Շանվիլ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:





