– Մեսսի Նշանակեց Պարսելոնայի Հաւասարութեան Կոլը
– Պայէրն Միւնիխ 5 – 0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պեշիքթաշը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1 – 16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա, որ Լոնտոնի մէջ հիւրը եղաւ Չելսիին, 1 – 1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի նշանակած կոլին (75-րդ):
Ուիլան, որ երկու անգամ հարուածեց Պարսելոնայի բերդին սիւնին, նշանակեց Չելսիի եւ մրցումին առաջին կոլը:
Նշենք, որ այսպիսով Մեսսի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին նշանակեց իր առաջին կոլը` Չելսիի բերդին մէջ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Պայէրն Միւնիխ 5 – 0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` թրքական Պեշիքթաշը: Ռոպերթ Լեւանտովսքի եւ Թոմաս Միւլըր նշանակեցին երկուքական կոլ, մինչ հինգերորդը նշանակեց Քինկզլի Քոման` 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Սեւիլլա – Մանչեսթըր Եունայթըտ 21:45
Շախտիոր Տոնեցք – Ա. Էս. Ռոմա 21:45


