
Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Ուքրանիա 6 մարտին Պաքուի մէջ պիտի կատարեն քաղաքական խորհրդակցութիւններ, որոնց ժամանակ պիտի քննարկուի համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափի ստեղծման հարցը:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Քիեւի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ազեր Խուտիեւ: