Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, շաբաթ, 17 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 7:00-10:30, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արեան անվճար քննութիւն: «Սեն Մարք» ախտաճանաչման կեդրոն-տարրալուծարանի հիւանդապահները կատարեցին արեան քննութիւնը:
Արեան անվճար քննութիւն կատարուեցաւ տարբեր տարիքի աւելի քան 150 անձերու:



