ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած 2017-2018 տարեշրջանը կը սկսի մինի ֆութպոլի մրցումներով, որոնք տեղի կ՛ունենան այսօր, յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:
Վաղը` կիրակի, 18 փետրուարին, տեղի պիտի ունենան փինկ փոնկի մրցումները, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Սերժ Թովմասեան սրահին մէջ: Մրցումները կը սկսին ժամը 13:00-էն սկսեալ: Անոնք կ՛աւարտին ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


