Իտալական Ա. Սէ. Միլան ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ ակումբին հովանաւորը պիտի ըլլայ «Փումա»-ն:
Այսպիսով, Ա. Սէ. Միլան կը դադրեցնէ 20 տարուան (1998-էն սկսեալ) իր համագործակցութիւնը «ԱՏԻՏԱՍ»-ի հետ:
Երկու կողմերուն միջեւ 19,7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ պայմանագիրը թէեւ նախատեսուած է մինչեւ 2023, սակայն երկու կողմերը որոշեցին այդ պայմանագիրը խզել յունիս 2018-ին:
Ըստ իտալական մամուլին, գերմանական ընկերութիւնը որոշեց այս պայմանագրութիւնը խզել` նկատի ունենալով, որ Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէրերը դարձան չին ներդրողները:



