Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար Լուիճի Տի Պիաճիօ, յառաջիկային տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումներուն համար իր կազմին միանալու պիտի հրաւիրէ Եուվենթուսի 40 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնը եւ ֆրանսական Նիսի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլին:

Իտալիա 23 մարտին կը մրցի Արժանթինի դէմ, իսկ 27 մարտին` Անգլիոյ դէմ:
Իտալիոյ կողմէ 2018-ի մոնտիալի տոմս մը չկարենալ ապահովելէ ետք Պիւֆոն յայտնեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը: Ինչ կը վերաբերի 27 տարեկան Պալոթելլիի, ան 2014-ի մոնտիալէն ետք ելոյթ չէ ունեցած Իտալիոյ հետ:


