Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան ընդվզած է իշխանութիւններուն կողմէ Արամ արք. Աթեշեանը պատրիարքի փոխանորդ վերանշանակելու անօրինական քայլին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:
«Պետութիւնը պատրիարքարանին մէջ իր կամակատարը նշանակելու համար խաղեր իրականացուց: Բայց մենք այս կամակատարը չե՛նք ընդունիր: Կ՛ուզենք նոր պատրիարք ընտրել», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է հայ երեսփոխանը:
Նշենք, որ Աթեշեանի երկարատեւ աշխատանքին իբրեւ հետեւանք, թրքական իշխանութիւնները զինք վերանշանակեցին պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին, իսկ եկեղեցւոյ կանոններով ընտրուած պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանը ստիպեցին հրաժարական տալ:
«Մենք արդէն տասը տարիէ ի վեր չենք կրնար մեզի համար պատրիարք ընտրել», «Թերթ»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուցած է Փայլան:
«Ցաւօք սրտի, թրքական կառավարութիւնը տարիներ առաջ որոշեց պատրիարքի տեղապահ նշանակել Արամ Աթեշեանը: Բայց մենք ըսինք, որ կը ցանկանք ընտրել մեր պատրիարքը: Ցաւօք սրտի, երկու օր առաջ Արամ Աթեշեանը վերադարձաւ իր դիրքին. դարձաւ Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ», ըսած է Փայլան` պնդելով, որ Աթեշեանն ու հայ համայնքէն շարք մը ուրիշներ կապի մէջ մտած են Թուրքիոյ կառավարութեան հետ եւ կրցած են կանգնեցնել Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթը:
«Եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշում տուած էր, թէ ընտրութեան հոլովոյթը պէտք է դադրեցուի, Աթեշեանն ու հայ համայնքի այլ դերակատարներ պէտք չէ համաձայնէին: Կառավարութենէն իշխանութիւն վերցնելով` կը դառնաս անոր պատանդը: Պէտք է հայ համայնքէն վերցնես ուժդ: Պէտք է պատրիարք ընտրել հայ համայնքին կողմէ եւ ուժ ստանալ համայնքէն», ըսած է ան:
Ըստ երեսփոխանին, Աթեշեան արդէն իսկ քանի մը տարի է ոչ միայն Թուրքիոյ կառավարութեան, այլեւ ուժային կառոյցներու կամակատարը դարձած է: «Անոնք պիտի օգտագործեն զինք իրենց փափաքները իրականացնելու համար», շեշտած է Փայլան:
Այն հարցումին, թէ հայ համայնքին վրայ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Պոլսոյ պատրիարքարանին շուրջ տեղի ունեցածը, Կարօ Փայլան պատասխանած է. «Հայ համայնքը վախի մէջ կ՛ապրի ստեղծուած մթնոլորտին պատճառով: Անոնց հաճելի չէ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ պատրիարքարանին մէջ, սակայն ոչինչ կ՛ընեն, քանի որ իրենց ապագան Թուրքիոյ մէջ չեն տեսներ: Բայց հայ համայնքը պէտք է ուժ ստանայ պատրիարքարանէն, մենք կարիք ունինք աւելի կազմակերպուած ըլլալու: Այս իրավիճակը կրնայ քանդել համայնքը»:



