19 փետրուարէն 2 մարտ Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Այրոֆլոթ օփըն»-ի ճատրակի միջազգային փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի հաւաքականին շարք մը անդամները:
Գլխաւոր` Ա. մրցաշարքին կը մասնակցին Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Արման Միքայէլեան, Արամ Յակոբեան եւ Շանթ Սարգսեան:
Բ. մրցաշարքին կը մասնակցին Տիգրան Յարութիւնեան, Յովիկ Հայրապետեան, Տիգրան Քոթանճեան, Դաւիթ Միրզոյեան եւ Յովհաննէս Յակոբեան:
Իսկ Գ. մրցաշարքին Հայաստանէն ցարդ արձանագրուած է միայն Մարք Բասենցեանի անունը:
Ա. մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ 2549 եւ աւելի բարձր վարկանշային կէտ ունեցողները, Բ. մրցաշարքին` 2299-էն 2550 վարկանշային կէտ ունեցողները, իսկ Գ. մրցաշարքին` մինչեւ 2300 վարկանշային կէտ ունեցողները, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:



