Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ շաբաթ օր Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Ժամհուրի դէմ, արձանագրեց 9-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սիւրմենեան, Հայկ Խաչերեան (3-ական կոլ), Աւօ Տոնպուրեան (2 կոլ) եւ Սերժ Տօնապետեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ բարելաւեց իր դիրքը դասաւորման մէջ:



