Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութիւնն Է Հայուն Գոյատեւութեան Միա՛կ Կռուանը

February 5, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՆԷ ԷԹՈՅԵԱՆ

Լիբանանահայ գաղութը` սփիւռքի կեդրոնը, հայկական ինքնուրոյն դիմագիծի պահապանը, այսօր կը դիմագրաւէ տարբեր խոչընդոտներ: Հայութեան արդար իրաւունքներու հատուցման ուշացումը յաւելեալ պարտաւորութիւններ կը դնէ անոր ուսերուն: Սփիւռքին մէջ ձուլումը կը սողայ ներս եւ վարանումի սերմեր կը ցանէ. լիբանանահայը կը սկսի շուարիլ եւ կարծել, թէ հայ մնալը «անկարելի» պատասխանատուութիւն մըն է` մոռնալով, որ` «անկարելին կ’ըլլայ կարելի», երբ ան կ’ամբոխուի կարելիութեան շուրջ: Միւս կողմէ` Լիբանանի տնտեսական ու նիւթական ծանր պայմանները ընկրկումի ու նահանջի ալիքներ կը յառաջացնեն, կը հարուածեն հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը, հայկական հաստատութիւնները: Բայց այս բոլորը ոչինչ են հայուն համար: Հայը, որ զրադաշտական կրակէն, սելճուքեան սպառնալից արշաւանքներէն, օսմանեան աւերներէն, թուրքերու կարմիր ջարդէն վերապրած ու յարութիւն առած է` շնորհիւ հայու անապակ ոգիին, կը հաւատայ, որ հայութիւնն է հայուն գոյատեւման կռուանը:

Անցեալէն այսօր լիբանանահայ գաղութի պատասխանատու ղեկավարներ` «կանգուն կաղնիներ», քա՛ջ գիտակցելով լիբանանահայուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կը փորձեն զօրավիգ կանգնիլ անոր` ապահովելով հայութեան գոյատեւումը սփիւռքի եւ ի մասնաւորի Լիբանանի մէջ:

Վերջերս ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ հիմնուած նորաստեղծ ֆոնտերը` նուիրուած հայ ուսանողին, հայ ընտանիք կազմելու ջանքերուն` հայ ամուսնութիւններ կնքելու, երրորդ զաւակը հայկական անունով օծելով եւ հայկական միւռոնով մկրտելու հայ զաւակները, մարդուժի կարեւոր պատրաստութիւն կը յանձանձեն լիբանանահայուն, որպէսզի ան ալ իր կարգին լիցքաւորուած վերարթնացնէ ամրացնէ իր կամքը, վճռակամութիւնը եւ շարունակէ աննահանջ պայքարը: Ի՜նչ փոյթ, որ երբեմն, կամայ թէ ակամայ, անգիտակցաբար կամ չարութեամբ, այս վսեմ ու անբիծ առաքելութիւնները աղտեղելը կամ վթարելը դժբախտաբար կը յայտնուին իբրեւ «հայկական հիւանդութիւն»: Յստակ է սակայն, որ այսպիսի ծրագիրներ կը զօրացնեն գաղութին նկատմամբ մեր ժողովուրդին հաւատքը եւ սերունդներու առողջ ու հայկական դաստիարակութեան կու տան նոր աւիւն: Կը մնայ, որ այս ծրագիրները արժանանան ոչ թէ մեր քաջալերանքին, այլ` հաւաքական մասնակցութեան: Այսօ՛ր ուրախութիւն է մամուլին մէջ տեսնել ամէն օր նուիրատուութեանց յայտարարութիւններ` այս կարեւոր ծրագիրներու յաջողութեան համար: Սրտաբուխ կերպով կատարուած այդ նուիրատուութիւնները փայլուն ապացոյց են նման ծրագիրներու անհրաժեշտութեան ու շարունակականութեան եւ բաւարար պատասխան` բոլոր անոնց, որոնք պարզապէս չարախօսութիւնը որդեգրած են իբրեւ կեանքի ձեւ ու իմաստ: Մենք` հայերս, կը հաւատանք, որ «զօրութիւնը հաւաքական ուժին մէջ է», ուստի ակնածութեամբ ու երախտագիտութեամբ կը գնահատենք այս նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին հայը հայ պահել, հայը վեր պահել` յոյսով, որ յաւելեալ աշխատանքներով կրնանք մեր պապերուն մեզի  կտակածը յաւերժացնել:

Մենք` պայքարող ազգի զաւակներ, իրաւունքը չունինք վարանելու, վհատելու, ընկրկելու, նահանջելու, այլ բոլորս մէկ ըլլալով` կրնանք դէմ դնել որեւէ ուժի, որ կը փորձէ մեզ պառակտել, ծունկի բերել կամ մեր ժառանգութիւնն ու արժէքները մոռացութեան յանձնել: Ճիշդ է, որ շատ կը պահանջուի մեզմէ` պայքարիլ, գոյատեւել, հայ մնալ, սակայն միայն հայութի՛ւնը կը փրկէ մեզ նուաստացուցիչ մահէն, որովհետեւ հայութիւնն է հայուն գոյատեւութեան միա՛կ կռուանը:

Թող շունչն ու գործը անսպառ մնան բոլոր անոնց, որոնք ամէն օր հայկականութիւն կը ներդրեն մեր կեանքին մէջ ու քիչ մը աւելիով հայկական արժէքներով կը լեցնեն մեր միջավայրը, որոնց անհրաժեշտութիւնը շեշտակիօրէն կը զգանք մանաւա՛նդ այսօր:

 

 

Նախորդը

Արեւմտահայերէնը Արդէն Առանձին Լեզուական Ծածկագիր Ունի

Յաջորդը

Դաշնակցութեան` Օսմանեան Պետութիւնից Պահանջը Կեանքի Եւ Գոյքի Ապահովութիւնն Էր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.