Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 1 փետրուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տարածած յայտարարութեան` աղբիւրը կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են շարք մը այժմէական հարցեր, որոնք վերաբերած են Ռուսիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն, միջազգային ու շրջանային օրակարգային հարցերուն:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ երէկ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ երկու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շրջանային եւ միջազգային օրակարգային հարցեր, ներառեալ` Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակի հարցը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը եւ երկկողմանի համագործակցութեան հարցեր:



