Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ժողովրդավարութեան Ցուցանիշը 2017-ին Բարելաւուած Է

February 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան Ժողովրդավարութեան համաշխարհային ցուցակին վրայ գրաւած է 111-րդ հորիզոնականը` յայտնուելով  քաղաքական խառնածին վարչակարգ ունեցող երկիրներու շարքին:

«Ժողովրդավարական ինտեքս-2017» զեկուցումը պատրաստուած է բրիտանական «Էքոնոմիսթ» հեղինակաւոր թերթի հետազօտական ընկերութեան կողմէ, որ երկիրները գնահատած է 0-էն 10 պալի համակարգով:

Միայն 8-էն բարձր միաւոր ստացած երկիրները դասակարգուած են իբրեւ «լիարժէք ժողովրդավարութիւններ»:

Ժողովրդավարութեան ցուցանիշը հիմնուած է հինգ չափանիշի վրայ` ընտրային գործընթաց եւ բազմակարծութիւն, քաղաքացիական ազատութիւններ, կառավարութեան աշխատանք, կարելիութիւններ քաղաքական մասնակցութեան համար եւ քաղաքական մշակոյթ:

Հայաստան հաւաքած է 4,11 միաւոր` նախորդ տարուան 3,88 միաւորի փոխարէն:

Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Հայաստան մենատիրական յատկանիշներով երկիրներու շարքէն անցած է խառն վարչակարգ ունեցող երկիրներու շարքը` շնորհիւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որոնք իշխանութիւնը նախագահէն յանձնած են խորհրդարանին:

Զեկուցումի հեղինակները Հայաստանի մամուլի ազատութեան կարգավիճակը բնորոշած են իբրեւ «հիմնականին մէջ անազատ»` դասելով զայն 109-րդ հորիզոնականին վրայ:

Զեկուցումին մէջ Ազրպէյճան դասուած է մենատիրական երկիրներու շարքին` յայտնուելով 148-րդ տեղը, Սուրիան` վերջընթեր 166-րդ դիրքը: Առաջին 5 դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Նորվեկիան, Իսլանտան, Շուէտը, Նոր Զելանտան եւ Դանիան:

 

 

Նախորդը

«Երկրին Կացութիւնը Վերադարձած Է Իր Բնականոն Իրավիճակին, Իսկ Հարցերը Լուծելու Կեդրոնները Պետական Հաստատութիւններն Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Նեպիհ Պըրրիի

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.