ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յատկապէս եւ լիբանանցիները ընդհանուր առմամբ գոհունակ են նախագահ Աունի առաջադրած նախաձեռնութենէն: «Նախագահ Աունի նախաձեռնութիւնը հանրապետութեան նախագահի մը վարուելակերպին կը համընկնի` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահը բոլոր լիբանանցիներուն նախագահն է եւ կը գործէ ի խնդիր լիբանանցիներուն բարօրութեան եւ երկրին ապահովութեան», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ դրական այդ նախաձեռնութիւնը, որ նախագահ Աունի արժանիքները կը դրսեւորէ, կրցաւ սադրանքներու թելը կտրել եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը հարուածելու նպատակները ձախողեցնել: Ան զգուշացուց օրական դրութեամբ արձանագրուող իսրայէլեան սպառնալիքներէն` շեշտելով, որ այդ սպառնալիքներուն դիմադրելը պէտք է առաջնահերթ ըլլայ եւ ճշդէ կողմնացոյցը` վերջ տալով ներքին լիբանանեան տարակարծութիւններուն եւ լարուածութեան, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց պատճառները:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքները իրենց կարգին կը ծառայեն ազգային շահերուն:
Այն Թինէի Մէջ
Երեսփոխան Բագրատունի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, թէ առաւօտեան նախագահ Աունի եւ կէսօրէ ետք Պըրրիի հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք կրնայ հաստատել, որ կուտակուած սեւ ամպերը ցրուած են, առանց փոթորիկ մը պատճառելու:
«Փառք Աստուծոյ, որ հանրապետութեան նախագահին իմաստութեամբ հրապարակած ներողամտութեան հաղորդագրութիւնն ու Պըրրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նախաձեռնութիւնը ո՛չ միայն դրական տպաւորութիւն ձգած են լիբանանեան քաղաքականութեան վրայ, այլ նաեւ դրական կերպով ազդած լիբանանցիներուն հոգեկանին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նաեւ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը ամբողջ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նախագահն է, իսկ Նեպիհ Պըրրի, որուն արժանապատուութիւնը նաեւ մեր արժանապատուութիւնն է, յանձնառու է բոլոր լիբանանցիները համախմբելու լիբանանեան դրօշին ներքեւ, առանց քաղաքական կամ համայնքային խտրութեան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանան կրցած է դիմագրաւել տագնապը, յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքներէն ետք, որոնց նաեւ վարժուած է:
«Այսօր մենք կարիքը ունինք յաւելեալ իմաստութեան, քաղաքական հանդարտ ճառախօսութեան եւ հարցերը փողոցէն դուրս բերելու: Կան հարցեր, կան տարակարծութիւններ եւ կայ բանավէճ, որ սակայն կը լուծուի միայն ուղղակի երկխօսութեամբ, առանց գրգռութիւններ յառաջացնելու եւ առանց դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնց հետեւանքները չենք գիտեր», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
Հաւաստի աղբիւրներէ իմացանք, որ խորհրդարանի նախագահը երեքշաբթի, 6 փետրուարին պիտի այցելէ նախագահական պալատ:




