Ամերիկեան մամուլը երէկ յայտնեց, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի նախկին մարզիկներէն Ռասըլ Պաթլըր ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով մահացաւ:
Դժբախտ պատահարը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Սթիւտիօ-Սիթի թաղամասին մէջ երբ 38 տարեկան Պաթլըրի ինքնաշարժը` «Ռենճ Ռովըր»-ը բախեցաւ պատի մը:
Ինքնաշարժին մէջ էր նաեւ անոր կինը` երգչուհի Լէա Լապել:
Ռասըլ Պաթլըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ելոյթ ունեցած է 2002-էն 2016` մաս կազմելով հետեւեալ խումբերուն. Շարլոթ Հոռնեթց, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, Շիքակօ Պուլզ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Ինտիանա Փէյսըրզ, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ:
Ցարդ պաշտօնական ոչինչ կ՛ըսուի այդ արկածին մասին:



