Վրաստանի Ռուսթաւի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») մրցաշարքին, հայ մարզիկ Սերկէյ Յարութիւնեան թեքնիք նաք-աութով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Էմրուզ Հուսէյնովին: Մենամարտը դադրեցաւ առաջին իսկ ռաունտին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սերկէյ Յարութիւնեան «վանդակ»-ին մէջ շրջեցաւ Հայաստանի դրօշով:



