Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կեդրոնի յետսապահ` Հրայր Մկոյեան, որ վերջին անգամ ելոյթ ունեցաւ իրանեան Իսթիղլալի հետ (2014-էն ի վեր), վերադարձաւ հայրենիք եւ միացաւ բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Շիրակ Գիւմրիին:
31 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 1 օգոստոս 2018, պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ Շիրակի հետ (2004-2006), ապա մաս կազմեց Արարատի, Շիրակի, Ուլիսի, Գանձասարի, Նալչիքի, Սպարտակի, չեխական Տինամոյի եւ իրանեան Իսթիղլալի:



