Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ կատարուեցաւ Պիպլոս – Ռիատի մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 88-80 արդիւնքով (24-15, 24-21, 18-28, 14-24):
Հակառակ անոր որ Պիպլոս մրցումին տեւողութեան ունեցաւ 12 կէտի առաւելութիւն մը (48-36), սակայն չկրցաւ օգտուիլ ատկէ:
Պիպլոսէն 34 կէտ նշանակեց Նիքոլա Ցիքիշվիլի, իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (19):



