Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Ֆրանսայի Պետական Տօներու Օրացոյցին Վրայ Կ՛ամրագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Մը

February 1, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երեքշաբթի գիշեր մասնակցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած տարեկան ընթրիքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ընթրիքին մասնակցած են նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Իլ տը Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեքրես, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխանները, ներառեալ` Փաթրիք Տեւեճեանը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան, Ֆրանսայի հայկական եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ընթրիքի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան: Ընթրիքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Մաքրոն անդրադարձած է հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցերու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղին:

«Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է: Մենք այդ պայքարը կը մղենք յիշելով եւ Հանրապետութեան օրացոյցին վրայ Ցեղասպանութեան յիշատակման համար օր ամրագրելով», նշած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ այդ հարցին շուրջ որոշումը պիտի ընդունուի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:

Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ պիտի փորձէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ներգրաւել կանոնաւոր երկխօսութեան մէջ. «Երբեմն հակառակ լրատուամիջոցներու ցանկութիւններուն»: «Ես անոր ըսած եմ այն ամէնը, ինչ որ գոյութիւն ունի: Մեր արդիւնքը այս պարագային շարք մը լրագրողներու ազատ արձակումն է: Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան վերաբերեալ բազմաթիւ լաւ հիմնաւորուած կասկածներ կան, սակայն իմ կարծիքովս` արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ֆրանսայի ուղերձը դատարկութեան մէջ ուղղուած խօսք չէ», նշած է Էմանուէլ Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը ջերմօրէն ողջունած է Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլանը` նշելով, որ վերջինիս ձայնը կը հնչէ երբեմն անհաւասար միջավայրի մէջ, սակայն անիկա շատ աւելի կարեւոր է, քան շատերու բարձրագոչ յայտարարութիւնները:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ: Ան նշած է, որ իբրեւ միջնորդ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Ֆրանսան պիտի շարունակէ յառաջ ընթանալ կողմերուն լսելու ուղիով: «Կը յուսամ, որ օր մը ձեր մօտ կը վերադառնամ ու կ՛ըսեմ, որ մենք լուծած ենք այդ տագնապը», նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոն Ֆրանսայի հայ համայնքի ձեռնարկին մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկը կուրծքին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամը Ստեղծած Է Աշխատանքային Պաշտպանութեան Գրասենեակ

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պիտի Աջակցի Արցախի Միջազգային Ճանաչման

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.