Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Մասթըրզ օփընի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց հնդիկ Շարտուլ Կակարէի դէմ` 47-րդ շարժումին:
4,5 կէտ ապահոված Արոնեան արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` իր երեք հաւասարութիւններուն կողքին:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան, ճերմակ քարերով յաղթելէ ետք հնդիկ Պապու Լալիթի, ունեցաւ 4 կէտ:
Զուիցերիական մրցակարգով (10 հանգրուան) տեղի ունեցող այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 50 երկիրներէ 274 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 92 կրանտմասթըրներ: Արոնեան ունի ամէնէն բարձր վարկանիշը:
Տիտղոսակիրը կը ստանայ 25 հազար փաունտ սթերլինկ:



