Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք ՀՄԸՄ 2 Կէտի Տարբերութեամբ Պարտուելով Նաժըմ Ռատիսէէն Չկրցաւ Տիրանալ Տիտղոսին

January 27, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 26 յունուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւարտեցաւ Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Լիբանանի վերջին ներկայացուցիչ ՀՄԸՄ-ի եւ թունուզեան Նաժըմ Ռատիսէի միջեւ:

Նախքան այս մրցումը, տեղի ունեցաւ երրորդ դիրքի մրցումը, որուն ընթացքին Սալա 93-89 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսին:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի կատարած մրցումին, անիկա թէեւ ընթացաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումով մը, սակայն մրցումին յաղթականը եւ տիտղոսին տիրացողը եղաւ թունուզեան կազմը, որ արձանագրեց երկու կէտի տարբերութեամբ յաղթանակ մը` 75-73 արդիւնքով (15-14, 15-18, 21-22, 21-19):

Դժբախտաբար, այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները չկրցան բախտաւորուիլ թրի փոյնթերով, որովհետեւ խումբը նշանակեց 2 թրի փոյնթ միայն…

23 փորձերէ ետք, մինչ մրցակիցը 30-էն 9-ը հասցուց իրենց նպատակին, ինչ որ բնականաբար եղաւ քիչ մը ծանր հարուած մը:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեմ Եանկ (18), ապա` Ուոլթըր Հոճ (17), Մաքրամ Պըն Ռամատան (11), Քարամ Մըշրեֆ եւ Հայկ Կէօքճեան (7-ական):

Թէեւ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ ունեցաւ 8 կէտի առաւելութիւն մը (25-17), բայց այդ առաւելութիւնը չկրցաւ պահել եւ բնականաբար չյաջողեցաւ նաեւ տիրանալ տիտղոսին:

Այժմ անհրաժեշտ է դարձեալ կեդրոնանալ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան վրայ` փակելով երէկուան պարտութեան էջը:

 

Նախորդը

Ճատրակ. Հրակ Լախեան Եւ Ճիօ Գալուստ Լիբանանեան Կազմին Հետ Մեկնեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Յունուար 2018)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.