Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցում մը ունի կատարելիք վաղը` կիրակի, 28 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ, Ուահտա Շըհիմ խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ-էն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


