Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 27 յունուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը տարեշրջանի իր բացման մրցումը կատարեց նոյնինքն այսօրուան իր մրցակիցին` դէմ` արձանագրելով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նոյն մարզադաշտին վրայ, սակայն վաղը` կիրակի, 28 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը կատարէ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի իր առաջին մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ կը մրցի Մարժապայի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի կազմերէն կ՛անկալուի այս շաբաթավերջը աւարտել փայլուն յաղթանակներով:



