Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իկոր Փոփով Յայտնած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Այցելութեան Թուականը

January 27, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջան պիտի այցելեն փետրուարի առաջին տասնօրեակի ընթացքին: Այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով:

Ըստ անոր, Քրաքովի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի արդիւնքներուն համաձայն, համանախագահները կը պատրաստուին հերթական այցելութիւնը կատարելու փետրուարի առաջին տասնօրեակի ընթացքին:

Փոփով նշած է, որ այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները:

18 յունուարին Քրաքովի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

Փոփով յայտնած է, որ քննարկուած հարցերու շարքին էին զինուորական վտանգներու նուազեցման առնչուած հարցերը` ներառեալ տագնապի գօտիին մէջ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու առաքելութեան ընդլայնումը:

«Նախարարները սկզբունքային համաձայնութիւն տուած են միջնորդներու պատրաստած փաստաթուղթին, որ կը համակարգէ յաւելեալ 7 դիտորդի գործունէութիւնը», ըսած է ան:

Փոփով յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նիւթով Զուիցերիոյ մէջ հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ծիրին մէջ որդեգրուած որոշումը, ըստ որուն, բանակցային հոլովոյթը պէտք է աշխուժացնել եւ յաւելեալ միջոցներ կիրարկել շփման գիծին մէջ լարուածութեան թուլացման համար:

«Ուստի, վեհաժողովէն ետք, ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերներու, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ խորհրդակցած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, ինչպէս նաեւ անոնց օգնած կազմակերպելու երկու հանդիպումներ, որոնցմէ վերջինը Քրաքովի մէջ էր: Ատոր ընթացքին քննարկուած են զինուորական վտանգներու նուազեցման առնչուած հարցեր` ներառեալ տագնապի գօտիին մէջ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան ընդլայնումը», նշած է Փոփով` աւելցնելով, որ առաքելութեան ընդլայնման գործիքակազմի գործարկման համար տակաւին պէտք է համաձայնեցուին շարք մը թեքնիք մանրամասնութիւններ:

Ռուս համանախագահին համաձայն, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ամէնէն բարդ կէտերը, որոնք կը խոչընդոտեն լուծման հոլովոյթը:

«Ատոնք նոր չեն եւ մէկ անգամ չէ, որ արծարծուած են: Ատոնք կապուած են կարգավիճակին վերաբերող հարցերու լուծման ու տարածքային խնդիրի լուծման հետ: Համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած տեսակէտները ուղղուած են ընդունելի հանգուցալուծում գտնելուն: Կ՛ակնկալենք. որ փետրուարի առաջին տասնօրեակին մեր «եռեակ»-ի` շրջան կատարելիք այցելութեան եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի նախագահներուն հետ հանդիպումի ծիրին մէջ կարելի կ՛ըլլայ յստակացնել այդ հարցերուն վերաբերեալ կողմերուն դիրքորոշումը», շարունակած է Փոփով:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին առնչուած յստակ առաջարկներ ու որոշումներ կա՞ն, Փոփով ըսած է, որ իրենք` իբրեւ միջնորդներ, կողմ են բարձրագոյն մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան շարունակման:

«Այժմ մենք կը գտնենք, որ անոնք այլընտրանք չկայ: Միայն կողմերը կրնան քաղաքական կամք դրսեւորելու միջոցով հասնիլ փոխզիջումային որոշումներու, որոնք վերջ պիտի տան ձգձգուած տագնապին», կրկնած է ան:

Համանախագահը հարցազրոյցը աւարտած է` նշելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը իր կողմէ ջանք պիտի չխնայէ Երեւանին ու Պաքուին ձեռնտու տարբերակներ ներկայացնելու համար:

«Երբ կողմերը պատրաստ ըլլան հանդիպումին, հաւանական պիտի ըլլայ երկու երկիրներու ղեկավարներուն առաջարկել համապատասխան տարբերակները», եզրափակած է Փոփով:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Բարձրացնել Արդիւնաւէտութիւնը Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Լուծման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Իրանի Ու Հայաստանի Միջեւ Առեւտրական Շրջանառութիւնը Մեծապէս Պիտի Աւելնայ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.