Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը

January 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

26 յունուարին լրացաւ մահուան 61-րդ տարելիցը հայ մամուլի անմահ հսկաներէն Շաւարշ Միսաքեանի:

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեան տոհմի այս արժանաւոր ծնունդը:

Գրական-գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի ու խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ, Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին քայլերէն իսկ գրաւեց ընթերցողը, դարձաւ անոր ուղին առաջնորդող դրօշակիրը: Հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց ամբողջ յիսուն տարի` ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայասպանական Մեծ ոճիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ հայ ժողովուրդը դատապարտուեցաւ աշխարհացրիւ տարագրութեան:

Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորող փարիզեան «Յառաջ» թերթով Շաւարշ Միսաքեան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ստեղծեց դաշնակցական ամէնօրեայ ուրոյն դպրոց մը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգային-քաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ապագային հանդէպ:

Խմբագրական գործի ամէնօրեայ սպառիչ հեւքին մէջ, ֆրանսահայ կեանքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ իրականութեան, բայց մանաւանդ խորհրդային Երկաթեայ վարագոյրի ետին տուայտող Հայաստանի վերիվայրումներուն,  ընկրկումներուն ու ոստումներուն հետ անմիջական քայլ պահելով հանդերձ, իր խոհուն հայեացքը միշտ սեւեռեց գալիքին եւ լուսաւորեց ազգային ինքնահաստատման մեր ուղին:

Անցեալին մէջ չկծկուեցաւ, անցեալի նուաճումներու դրամագլուխը սպառելով` չմաշեցուց ներկան, այլ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցեալէն ժառանգուած անկորնչելի արժէքներու վերանորոգման եւ նոր արարումներով հարստացման անխոնջ ու անկաշառ պատգամաբերը դարձաւ` անդուլ յորդորելով մեր սերունդները.

«Երիտասարդութի՛ւն հայոց, աչքերդ ուղղէ դէպի հայրենի տուն:

Ո՛չ թէ անոր չորս պատերուն մէջ կծկուելու, այլ նոր հորիզոն փնտռելու եւ պարպուած դիրքերը գրաւելու համար:

«Եաթաղան»-ը արեան գետեր հոսեցուց, բայց հայկազանց ոգին մնաց անեղծ` սաւառնելով հորիզոնէ հորիզոն:

Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օտարութեան գոլորշիները ծծեն այդ ոգին` ձեր ետին ձգելով միայն դարաւոր պատմութեան մը կմախքը»:

Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884-ի օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը: 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի Մայր վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը: 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ` «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեան միանալով:

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908-ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան: 1911-1912 ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթին խմբագրութիւնը: 1913-ին Պոլիս վերադարձաւ` մաս կազմելու համար ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան` ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը «Ազատամարտ» շաբաթաթերթին:

Իր ազգային-քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ: Փախստական` թաքստոցային պայմաններու մէջ կը շարունակէր խմբագրական իր աշխատանքը 1915-ին, երբ ցեղասպանը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ յօշոտման ահաւոր ոճիրը:

Մինչեւ 1916-ի մարտը Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ, երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ: Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ, եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 նոյեմբեր 1918, երբ զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ:

Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը սկսաւ 1918-էն ետք, երբ զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերաշխուժացնելու անխոնջ պայքարին` ստանձնելով «Ազատամարտ»-ի շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»-ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը: Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել` ընդհանրապէս կենսունակութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան: Իր այդ հանգամանքով ալ մասնակցեցաւ 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին:

1922-ին, քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ` 1924-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց «Յառաջ» օրաթերթը:

Աւելի քան երեսուն տարի Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ, «Յառաջ»-ի կողքին նաեւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով` իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի կամ ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը: Ռուբէն Զարդարեանի կողքին, Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական լեզուի վերածելու կենարար գործին մէջ: Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդը դարձան իրերայաջորդ սերունդներու` Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի:

Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն երդուեալ պաշտպանը հանդիսացաւ: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանգանակը` եռագոյնով, զինանշանով եւ «Մեր հայրենիք»-ով, կիզակէտը դարձուց ամբողջ սերունդներու անխառն պաշտամունքին: Ազգային անառարկելի այդ արժէքներուն ուրացման բոլոր փորձերուն եւ փորձութիւններուն դէմ յատկապէս բուռն եղան Շ. ստորագրութեամբ իր ակնարկները, գաղափարական խարազանումի իր էջերը:

Ահա՛ մէկ նմուշ.-

«ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՈՍԿԻ ՉԷ»

«Տարեկան տեսութեան մը առիթով ուզեցինք իմանալ, թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար:

«Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց` ոչ մէկ ձայն:

«Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը` այս կամ այն շրջանէն:

«Լռութիւնը ոսկի է», կ՛ըսէին, երբ դպրոց կ՛երթայինք:

«Փորձառութիւնը հաստատեց, թէ միշտ ոսկի չէ: Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ` թիթեղ:

«Այս երեքէն որո՞ւ կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը»:

Իրաւամբ հայ հրապարակագրութեան դաշնակցական վարպետը եղաւ Շաւարշ Միսաքեան:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Գ. – Անկախութեան 100-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.