Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լուէյզի Զուք Մոսպեհ, իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Անթունիէն:
Հիւր կազմը յաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը` 73-68 արդիւնքով պարտութեան մատնելով դաշտին տէրը (17-17, 11-12, 23-23, 17-21):
Հակառակ անոր որ Թրէյվիս Ֆրանքլին տապըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ (23 կէտ, 15 ռիպաունտ), սակայն անոր կազմը` Լուէյզի, չկրցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը: Անոր խմբակից Մարվել Հերիս նշանակեց 18 կէտ, մինչ Լուէյզիի երրորդ օտարականը` Պրենտըն Մոպլի` 17 կէտ:
Անթունիէէն Ռաշատ Մաքքանց նշանակեց 21 կէտ, մինչ Փաթրիք Պու Ապպուտ` 16 կէտ:
Նշենք, որ այսպիսով, Լուէյզի Անթունիէի նման ցարդ կրած է 11 պարտութիւն:


