Երէկ երեքշաբթի, 23 յունուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի տղոց պասքեթպոլի 29-րդ մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները հասան իրենց աւարտին:
Այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի, վաղը` կիսաւարտականի, իսկ ուրբաթ օր` աւարտականի ճակատումները:
Երէկուան վերջին մրցումին, Սաժես Ա. հանգրուանի իր մրցումները աւարտեց առանց պարտութեան, երբ իր կատարած չորրորդ մրցումին 90-69 արդիւնքով այլ յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆիլիփեան կղզիներու համալսարաններու խումբին դէմ:
Սաժես, որ երէկ Ա. հանգրուանի վերջին մրցումը կատարեց, այսօր կը կատարէ քառորդ աւարտականի առաջին մրցումը երբ յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը ճակատի Պոլ Ըպաւ Օլի դէմ: Յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը իրեն մրցակից կ՛ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբը: Երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ռիատի կը մրցի Սալայի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 19:00-ին Ռատեսի` Նաժըմ Սահելիի դէմ:
Նշենք, որ Ռիատիէն մէկ մրցումով կը բացակայի Ուաէլ Արաքժի (կախակայուած):
Իրենց կատարելիք մրցումներուն, եթէ այսօր ՀՄԸՄ եւ Ռիատի յաղթանակ արձանագրեն, կիսաւարտականին կը մրցին իրարու դէմ:


