Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի միութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ միութեան ճատրակի ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը:

10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, առաւելագոյն 6 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւեց Կի Գալուստ:

Իսկ անոր ետին երկրորդ հանդիսացաւ Հրակ Ծատուրեան` 5 կէտով:

16-18 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, Ճիօ Գալուստ, որուն վարկանշային կէտն է 1528, առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով հանդիսացաւ առաջին:
Կի եւ Ճիօ Գալուստ եղբայրները Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ են: Իսկ Հրակ Ծատուրեան, որ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբին, կը յաճախէ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը:
Մրցաշարքի աւարտին կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատու Հիւսէյն Համմուտ, ինչպէս նաեւ այլ անձեր կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը` շնորհաւորելով մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:


