Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Աքրամ Հալապիի, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) գումարեց յատուկ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեց Լիբանանի տղոց ազգային խումբին վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք պիտի միանան կազմին` պատրաստուելու համար աշխարհի բաժակի զտումի մրցաշարքին:
Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք զտումի այս մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք պիտի մասնակցին 2019-ին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
Այս ժողովին Հալապիէն բացի ներկայ էին նաեւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Ճորճ Սապունճեան, Ղազի Պուսթանի, Մարուն Ժըպրայել, Ժոզեֆ Ապտելմասիհ եւ Սելիմ Ֆաուալ:
Ներկաները Լիբանանի մարզիչ Փաթրիք Սապայէն իմացան այն 24 մարզիկներուն անունները, որոնք նկատի առնուեցան 13-16 փետրուարին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք յատուկ բանակումին համար:
Այդ 24 մարզիկներն են.
Հասան Տանտաշ, Միկել Մարթինեզ, Ժատ Խալիլ, Ուաէլ Արաքժի, Էլի Շամուն, Էլի Սթեֆան, Ամիր Սէուտ, Ղասսան Նաամէ, Նետիմ Սուէյտ, Ալի Ֆախրէտտին, Թիակօ Մախլուֆ, Էլի Ռըսթոմ, Ժան Ապտելնուր, Շարլ Թապեթ, Ալի Քանաան, Պասել Պաուժի, Հայկ Կէօքճեան, Ժերար Հատիտեան, Աթեր Մաճոք, Սեմ Եանկ, Տերիըն Թաունզ, Ճէյ Եանկպլատ, Ահմետ Իպրահիմ եւ Ալի Հայտար:



