Կազմակերպութեամբ Ահլի Սայտա ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Սայտայի մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանեան տարբեր շրջաններու 20 ակումբներէ 120 երկսեռ մարզիկներ:
Այդ ակումբներուն կարգին էին` Ահլի Սայտա, Լիուա Սայտա, Լիբանանեան բանակ, Մաանի Սայտա, Ռիատի Պէյրութ, Սարաֆանտ, Մութթահետ, Պարաղեմ Նապաթիէ, Ռիատա Ուալ Ատապ, Պարժա, Քֆարշիմա եւ ուրիշներ:
Բաւական հետաքրքրական մրցումներէն ետք (մեծ տղաք, վեթերաններ, աղջիկներ, փոքրեր, կրտսերներ) տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



